
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները երէկ գիշեր ի վերջոյ աւարտեցան, երբ Թատամոն – Շանվիլ մրցումը, որ շուրջ մէկ ժամ ընդմիջուեցաւ, շարունակուեցաւ:
Այս մրցումին աւարտէն 2 վայրկեան եւ 29 երկվայրկեան առաջ, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 78-78 հաւասարութեամբ, կռիւ մը ծագեցաւ Թատամոնի համակիրներուն եւ Շանվիլի մարզիկներէն Պասել Պաուժիի միջեւ:
Վերջինս աւելի ուշ յայտարարեց, որ Թատամոնի համակիրները հայհոյած են իր ընտանիքին եւ ինք չդիմանալով այդ անարգանքին յարձակած էր անոնց վրայ` դէպի թրիպիւն:
Մրցումը կարենալ շարունակելու պատճառով իրաւարարները պահանջեցին, որ դաշտը ամբողջութեամբ պարպուի:
Բաւական երկար սպասումէ մը ետք, դաշտը պարպուեցաւ համակիրներէն, ապա մրցումը շարունակուեցաւ եւ Թատամոն տարաւ վերջնական յաղթանակը` 86-81 արդիւնքով:
Ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն, որոնք կը սկսին երկուշաբթի, 17 ապրիլին Շանվիլ, որ գրաւեց Բ. խմբակին չորրորդ եւ վերջին դիրքը, պիտի մրցի Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ-ի դէմ, մինչ Թատամոն, որ գրաւեց երրորդ դիրքը, պիտի մրցի Ա. խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւող Պիպլոսի դէմ: