Ինչպէս ծանօթ է, Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր նորընտիր նախագահին` Քլաուտիօ Թափիայի որոշումով, պաշտօնանկ ըրաւ ազգային խումբի մարզիչ Էտկարտօ Պաուզան, անոր արձանագրած անբաւարար արդիւնքներուն պատճառով:
Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ, Արժանթին 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր կատարած վերջին 8 մրցումէն կրցաւ ապահովել միայն… 11 կէտ:
Սակայն հակառակ պաշտօնանկ ըլլալուն, Պաուզա ըսաւ, որ Արժանթին, իր տոմսը պիտի ապահովէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աւարտական մրցումներուն:
Ներկայիս արժանթինեան մամուլը կը գրէ, թէ հաւանաբար Սեւիլլայի մարզիչ Խորխէ Սամփաուլի (57 տարեկան) ըլլայ անոր յաջորդը:
Կը խօսուի նաեւ Տիեկօ Սիմէոնէի (Աթլեթիքօ Մատրիտ) եւ Մաորիցիօ Փոքեթինոյի (Թոթենհամ) մասին:
Սակայն հարցական է, թէ արդեօք Արժանթին պիտի ապահով՞ Ռուսիոյ իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ անիկա իր վերջին չորս մրցումներէն երեքը պիտի կատարէ առանց Լիոնել Մեսսիի (կախակայուած):