Պուլկարական մամուլը հաղորդեց, որ Լոքոմոթիւ Փլովտիվի մարզիչ Էդուարդ Երանոսեան Լեւսքի Սոֆիայէն իր կազմին կրած վերջին պարտութենէն ետք (5-0 արդիւնքով) լքեց իր պաշտօնը եւ հեռացաւ:
56 տարեկան Երանոսեանի կազմը այժմ Պուլկարիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ:
Մարզիչի իր ասպարէզին ընթացքին Երանոսեան նաեւ գլխաւորած է պուլկարական Փերոյէն եւ Լուտոկորեցը, կիպրական «ԱՓՈՓ»-ը եւ Էնոսիսը, ինչպէս նաեւ` Քապուրսքորփը (Անկոլա):