Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան իր արհեստավարժ ասպարէզին սկիզբը նշեց յաղթանակով:
Հայկական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիրը իրաւարարներուն միաձայն որոշումով Եաթեր Քարտսոնի դէմ (Նիքարակուա) իր կատարած 10 ռաունտնոց ճակատումին յաղթանակ արձանագրելով տիրացաւ «Տապլիու Պի. Էյ.»-ի միջցամաքամասային գօտիի տիտղոսին:
«Բոլորն ալ տեսան, որ այս մենամարտը այդքան ալ դիւրին չէր` նկատի ունենալով, որ արհեստավարժ կռփամարտիկները իրենց նորամուտը կը նշեն 4 ռաունտնոց մրցումներ կատարելով, մինչդեռ ես իմ ասպարէզիս սկսայ 10 ռաունտով: Յառաջիկային կը փորձեմ աւելի տպաւորիչ ելոյթներ ունենալ, արագ յաղթանակներ արձանագրել», ըսաւ Ալոյեան: