Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Կիպրոսի իր հասակակիցներուն` շնորհիւ Կարէն Մելքոնեանի նշանակած կոլին:
Այս յաղթանակը եղաւ երկրորդը` Արտակ Օսէեանի գլխաւորած կազմին: Հայրենի կազմը քանի մը օր առաջ 2-1 արդիւնքով այլ յաղթանակ մը արձանագրած էր` դարձեալ Կիպրոսի դէմ: