Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի աւարտականի առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 15 մայիսին, երբ ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ժամը 20:45-ին հիւրընկալէ Ռիատին:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց առաջին չորս մրցումներուն յայտագիրը: Մնացեալ երեքին յայտագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ:
Նշենք, որ եօթը մրցումներէն չորս յաղթանակ արձանագրած խումբը պիտի հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ առաւելագոյնը պիտի ընէ, որպէսզի աւարտականի մրցումներուն սկսի յաղթանակով, այդպիսով կարելի ըլլայ յաղթանակներու շարքը շարունակել` նոյնիսկ Մանարայի մէջ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի այսօր` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 17 մայիսին, ժամը 20:45-ին, Մանարայի մէջ:



