18 տարուան բաւական երկար սպասումէ մը ետք, երէկ Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ հանդիսացաւ Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեան, երբ 34-րդ եւ վերջին հանգրուանին 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Հերաքլեսին:
Այսպիսով, Ֆէյէնուրտ, որ իր պատմութեան մէջ 15-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, այս տարեշրջանը աւարտեց 82 կէտով` միայն կէտով մը գերազանցելով Այաքս Ամսթերտամը, որ հանդիսացաւ փոխախոյեան` 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ուիլեմ Բ.-ի դաշտէն:
Նշենք, որ Ֆէյէնուրտի յաղթանակը կերտեց` Տըրք Քիւյթ, որ հեթրիք մը իրագործեց (առաջին 12-րդ եւ 84-րդ փենալթիով):