Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի` ֆայնը-ֆոր-ի չորրորդ ճակատումին, երէկ երեկոյեան Մութթահետ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ, որ նախքան այս մրցումը 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէր հիւսիսային կազմին պէտք ունէր իր երրորդ յաղթանակին` ապահովելու համար աւարտականի իր տոմսը:
Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ՀՄԸՄ իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով 3-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցին եւ հասաւ աւարտականին, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Ռիատին:
Աւարտականի առաջին մրցումը սկիզբ կ՛առնէ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտէն:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, ՀՄԸՄ իր յաղթանակը արձանագրեց 88-77 արդիւնքով (22-19, 42-38, 61-68 եւ 77-88):
Երկրորդ քորթըրին առաջին հինգ վայրկեանին, Մութթահետ յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել մինչեւ 8 կէտի (28-20): Սակայն հետզհետէ կացութիւնը սկսաւ շրջուիլ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` երրորդ քորթըրին երկրորդ հինգ վայրկեանէն սկսեալ:
ՀՄԸՄ մրցումին աւարտէն քանի մը երկվայրկեան առաջ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 11-ի (86-75) եւ այդ տարբերութեամբ ալ աւարտեց մրցումը (88-77):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (27), ապա` Տուայն Ճեքսըն (24 կէտ, ներառեալ` 6 թրի փոյնթ), Էլի Շամուն (4 թրի փոյնթ), Քեւին Կալուոէյ (8), Հայկ Կէօքճեան (5 կէտ): Իսկ Աթեր Մաճոք տապըլ-տապըլի հեղինակ (12 կէտ, 19 ռիպաունտ):
Մութթահետէն, Մելվին Քլիվլենտ նշանակեց 27 կէտ:
ՀՄԸՄ ընդամէնը նշանակեց 12 թրի փոյնթ, իսկ Մութթահետ` 7 (երկուքն ալ` 28 փորձերէ ետք):
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի (Լիբանան), Մոհամետ Թարաուանի (Յորդանան) եւ Անթոն Քոզլով (Ղազախստան):
Պատկերասփիւռի կայաններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը` «Էլ. Պի. Սի.», յայտարարեցին որ ՀՄԸՄ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Սակայն իրականութեան մէջ անոնք տեղեակ են, որ ՀՄԸՄ 1949-1950 տարեշրջանին հանդիսացած է Լիբանանի ախոյեան (անոնց փոխանցուեցաւ «Ազդակ»-ի արխիւներէն թերթին օրինակը, ինչպէս նաեւ խումբին լուսանկարը):
Բայց եւ այնպէս կը թուի, որ անոնք կ՛ամչնան այդ պատմական իրողութիւնը յայտարարելու:
Նշենք, որ 1949-1950 տարեշրջանին ՀՄԸՄ աւարտականին պարտութեան մատնեց Ռընեսանս խումբը` իրեն մարզիչ ունենալով Յակոբ Քատեանը:
Յամենայն դէպս, անոնք չեն կրնար իրականութենէն փախուստ տալ, որովհետեւ պատմութիւնը կը վկայէ, որ ՀՄԸՄ եղած է Լիբանանի տղոց ախոյեան: