
PROFOTO
Շաբաթ, 13 մայիսին, տեղի ունեցաւ Ռիատի-ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին ծիրին մէջ:
Նկատի ունենալով, որ Ռիատի ախոյեանութեան առաջին բաժինը աւարտեց պարագլուխի դիրքը գրաւելով, անիկա առաջին մրցումը կատարեց իր դաշտին վրայ:
Սակայն, հակառակ ասոր, Լիբանանի ախոյեան` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ պիտի պաշտպանէ իր տիրացած այդ տիտղոսը, փաստելով իր գերակայութիւնը` իր մրցակիցին, այս առաջին ճակատումէն յաղթական դուրս եկաւ` 75-68 արդիւնքով (23-17, 36-35, 52-49 եւ 68-75):
Պէտք է ըսել, որ Ռիատի յաջողեցաւ բաւական լաւ խաղարկութեամբ հանդէս գալ եւ մինչեւ չորրորդ քորթըրը սկսիլը, գրեթէ ինք ըլլալ տիրապետողը, թէեւ առաջին երեք քորթըրներուն համահաւասար պայքար կը մղուէր:
Սակայն, մրցումին անկիւնադարձը եղաւ չորրորդ քորթըրին առաջին հինգ վայրկեանը, երբ ՀՄԸՄ նշանակեց 14 կէտ, մինչ Ռիատի` 2 կէտ:
ՀՄԸՄ, որ աւարտական փուլ հասաւ եւ ֆայնըլ-ֆոր-ը շրջանցեց մէկ օտարականով, շաբաթ օրուան մրցումին իր կազմին մէջ ունեցաւ բացառիկ հմտութիւն ունեցող ամերիկացի Էյնճըլ Մաքքուկթրին, որ նշանակեց 33 կէտ, 9 ռիպաունտ, 8 էսիսթ, 9 սթիլ, 2 պլոք շաթ եւ ձեռք ձգեց 13 ֆաուլ, ՀՄԸՄ-ի երկրորդ օտարականը` Կինթարէ Փեթրոնիթէ, նշանակեց 23 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 2 պլոք շաթ:
Մնացեալ կէտերը նշանակեցին` Այտա Պախոս (9 կէտ, 7 ռիպաունտ, 3 էսիսթ), Սանտրա Նաժըմ (6 կէտ) եւ Լէյլա Ֆարես (4):
Ռիատիի ամերիկացիները` Այշա Սաթըրլենտ եւ Տիանա Տելվա, յաջորդաբար նշանակեցին 14 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 8 կէտ, 13 ռիպաունտ: Անոր լիբանանցի մարզիկները` Ռեպեքա Աքըլ եւ Լամա Մուքատտեմ, յաջորդաբար նշանակեցին 20 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ) եւ 17 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ):
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 15 մայիսին, ժամը 17:30-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը` միասնաբար կերտելու համար երկրորդ յաղթանակը: