Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան պատրաստուող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը նախորդ շաբաթավերջին կատարեց բարեկամական այլ մրցում մը, այս անգամ` Էներժի խումբին դէմ:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանագրեց 33-29 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կիսախաղ` 15-11` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յաղթած էր Հուփսին (48-37):


