«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումներուն դարձի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, երէկ գիշեր Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Այաքս Ամսթերտամ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը:
Անոնք 24 մայիսին կը ճակատին իրարու դէմ` Շուէտի մէջ:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ երթին Սպանիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Սելթա Վիկոյին, երէկուան մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Մարուան Ֆելլայնի նշանակեց Եունայթըտի կոլը (17-րդ)` 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Երկու կազմերն ալ մրցումը աւարտեցին տասը մարզիկով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ,
77-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Մայքըլ Քերեքով:
Երկրորդ մրցումին, թէեւ Լիոն 3-1 արդիւնքով յաղթեց Այաքս Ամսթերտամին, բայց դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ երթին 4-1 արդիւնքով պարտուած էր Հոլանտայի մէջ: