Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին, թէեւ Լոքոմոթիւ Մոսկուա 2-0 արդիւնքով յաղթելով Ուրալի տիրացաւ տիտղոսին, սակայն այս մրցումին ֆութպոլիստներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումը պատճառ դարձաւ, որ 4 մարզիկներ կարմիր քարտ ստանան:
Անոնց կարգին էր նաեւ Ուրալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան:
Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պատժական յանձնախումբի նախագահ Արթուր Գրիգորեանց յայտնեց, որ այդ կռիւին մանրամասնութիւններուն քննարկուելէն ետք, համապատասխան վճիռներ արձակուեցան յանցաւորներուն դէմ:
Անոնցմէ երեքը, որոնց կարգին` Մանուչարեան, վեցական մրցումով կախակայուեցան, մինչ չորրորդը, որ կը փորձէր հանդարտեցնել կացութիւնը, միայն ստացաւ մէկ մրցումի կախակայում: