Ինթեր Մայեմիի յառաջապահ Լուիս Սուարես 6 մրցումով կախակայուեցաւ Լիկայի բաժակի աւարտական մրցումէն ետք Սիեթըլի մէկ մարզիչին երեսին թքելուն պատճառով:
Անցեալ կիրակի Ինթեր Մայեմի 3-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Սիեթըլէն, որ շահեցաւ Լիկայի բաժակը:
Մրցումի աւարտէն ետք զանգուածային վէճ մը ծագեցաւ ֆութպոլիստներու, մարզիչներու եւ աշխատակիցներու միջեւ: Այդ դէպքին ընթացքին 38 տարեկան Սուարես Սիեթըլի մէկ աշխատակիցի դէմքին թքած էր: Մրցումէն ետք ան ներողութիւն խնդրած էր իր արարքին համար:
Սուարեսի կախակայումը կը վերաբերի միայն լիկայի բաժակի մրցումներուն: Միջնապահ Սերխիօ Պուսքեթց երկու մրցումով կախակայուեցաւ, մինչ Սիեթըլի մարզիչ Սթիվըն Լենհարտ` 5 մրցումով:
Նշենք, որ այս մրցումի աւարտի դէպքին ժամանակ, արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի մօտեցած էր իր ազգակից Փետրօ Տըլա Վեկային (Սիեթըլ) եւ ըսած. «Դուն ազգային խումբին մէջ չես կրնար խաղալ, այնքան ատեն որ ես ներկայ եմ…»:


