2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներու իր առաջին մրցումին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Երեւանի մէջ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց վերջերս Ազգերու լիկայի մրցաշարքը շահած Փորթուգալէն:
Փորթուգալի խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 40 տարեկանին տակաւին բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը խաղայ եւ 2 կոլ նշանակեց` Փորթուգալի ազգային խումբին հետ իր կոլերու հաշիւը հասցնելով 140-ի:
Ռոնալտօ իր 222-րդ մրցումին (ազգային խումբին հետ) կրցաւ գերազանցել Մեսսիի կոլերուն քանակը` Մոնտիալի զտումի մրցումներու գծով:
Մեսսի 36 կոլ նշանակած է զտումի մրցումներուն, իսկ Ռոնալտօ այժմ 38-ի հասցուց իր կոլերու հաշիւը: 1 կոլ կը բաժնէ Ռոնալտոն մրցանիշ հաստատած Քարլոս Ռուիսէն (Կուաթեմալա), որ 39 կոլ նշանակած է մոնտիալի պատմութեան զտումի մրցումներու ընթացքին:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ մթնոլորտը շատ լաւ էր, բայց ազգային խումբին համար շատ դժուար էր պայքարիլը աշխարհի լաւագոյն խումբերէն Փորթուգալի դէմ, որ 10-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` շնորհիւ Ժոաօ Ֆելիքսի գլխու հարուածին: Մօտ 10 վայրկեան ետք Չելսիի յառաջապահ Փետրօ Նեթօ գնդակը փոխանցեց Ռոնալտոյին, որ զայն զետեղեց Հենրի Աւագեանի բերդին մէջ:
32-րդ վայրկեանին Ժոաօ Քանսելօ կոլ մը եւս աւելցուց ի նպաստ Փորթուգալի: Բ. կիսախաղին Ռոնալտօ եւ Ֆելիքս կոլեր նշանակելով մրցումը փակեցին 5-0 արդիւնքով, մինչ խմբապետ Տիգրան Բարսեղեանի հարուածը թերեւս ամէնէն լուրջ առիթն էր Հայաստանի համար բայց Փորթոյի բերդապահ Տիոկօ Քոսթա զսպեց զայն:
Հայաստանի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան մրցումէն ետք ըսաւ. «Ամէն ինչ մեր փափաքածին նման չեղաւ, մանաւանդ որ սկիզբէն գծած էինք խաղաձեւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է շարժիլ գնդակով եւ առանց գնդակի: Մրցակիցը բաւական զօրաւոր էր եւ ճիշդ ձեւով կարդաց մեր ռազմավարութիւնը: Անոնք փորձառու եւ որակաւոր էին, բարձր փրեսինկով կը խաղային, բան մը որ կը դժուարացնէր մեր խաղը եւ կը խանգարէր դուրս գալը պաշտպանութեան դիրքերէն: Ընդհանուր առմամբ ես տեսայ նուիրուածութիւն եւ պայքար: Մարդիկ կը խօսին, թէ բաւարար չէինք պայքարէր, բայց պէտք է ըսեմ, որ այս մրցակիցէն գնդակ խլելը չափազանց բարդ էր: Ես նշած էի, որ պէտք չէ յառաջանալ, ճնշում գործադրել կամ բացուիլ: Խօսած էի պաշտպանութեան ձեւին մասին, եւ խաղցողները ճիշդ կատարեցին զայն, սակայն մրցակիցի որակը խեղդեց մեր ջանքերը: Ուրախ եմ, որ ունինք նման երիտասարդ մարզիկներ, եւ կը հաւատամ, որ անոնք կը դառնան ապագայի այն խումբը, որ կը ցանկանք տեսնել: Փորթուգալի դէմ իր դաշտին վրայ 5 կոլ ստանալը հաճելի չէ, տխուր եմ եւ ներողութիւն կը խնդրեմ բոլորէն: Մենք պէտք է լաւ աշխատինք: Չեմ ցանկար պատճառներ փնտռել կամ արդարացումներ տալ: Այո՛, ժամանակը կարճ էր, բայց ես հոս չեմ բացատրութիւն տալու, այլ աշխատելու: Մենք պարտուեցանք եւ կ՛ընդունինք այդ մէկը: Պէտք է շարժինք առաջ` ընդունելով այս պարտութիւնը եւ սորվելով մեր սխալներէն: Պէտք է մնանք ամուր, միասնական եւ շարունակենք առաջ երթալ իբրեւ ամուր կազմ», ըսաւ Մելիքեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք զտումի մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքները եւ յառաջիկայ օրերու յայտագիրը.
Դանիա – Սկովտիա 0-0
Ֆարօ կղզիներ – Խրուաթիա 0-1
Յունաստան – Պիելոռուսիա 5-1
Իսլանտա – Ազրպէյճան 5-0
Իտալիա – Էսթոնիա 5-0
Մոլտովա – Իսրայէլ 0-4
Մոնթենեկրօ – Չեխիա 0-2
Սլովենիա – Շուէտ 2-2
Զուիցերիա – Քոսովօ 4-0
Ուքրանիա – Ֆրանսա 0-2
Լաթվիա – Սերպիա 0-1
Հայաստան – Փորթուգալ 0-5
Անգլիա – Անտորրա 2-0
Աւստրիա – Կիպրոս 1-0
Սան Մարինօ – Պոսնիա 0-6
Այիր – Հունգարիա 2-2
Այսօր տեղի կ՛ունենան հետեւեալ մրցումները.
Զուիցերիա – Սլովենիա
Քոսովօ – Շուէտ
Պիելոռուսիա – Սկովտիա
Ճիպրալթար – Ֆարօ կղզիներ
Իսրայէլ – Իտալիա
Յունաստան – Դանիա
Խրուաթիա – Մոնթենեկրօ


