2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումները կը շարունակուին, եւ կիրակի գիշեր Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա 6-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Թուրքիոյ մէջ:
Միքել Մերինօ հեթ-թրիք իրագործեց, մինչ Փետրի (2) եւ Ֆերան Թորես նշանակեցին Սպանիոյ 6 կոլերը:
«Ես հպարտ եմ այս մարզիկներով, այս ազգային խումբով եւ թէ ինչպէ՛ս կը ներկայացնենք մեր երկիրը: Այս խումբը կը շարունակէ յառաջդիմել մրցումէ-մրցում, եւ ես առաջին անձն եմ, որ անակնկալի եկած եմ», ըսաւ Սպանիոյ մարզիչ Լուիս Տը Լա Ֆուենթէ:
Գերմանիա իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց զտումի մրցումներու գծով` շնորհիւ Նատիմ Ամիրիի եւ Ֆլորիան Վիրցի Բ. կիսախաղի կոլերուն:
Գերմանիա, որ Քէօլնի մէջ կը հիւրընկալէր Հիւսիսային Իրլանտան, 5 փոփոխութիւններ կատարած էր մանաւանդ պաշտպանողական դիրքի վրայ` դաշտ ներկայանալով աւելի ամուր ֆիզիքական ունեցող մարզիկներով:
Սերժ Կնապրի 7-րդ վայրկեանին նշանակեց Գերմանիոյ առաջին կոլը, որմէ ետք Հիւսիսային Իրլանտա աւելի լաւ խաղցաւ եւ մինչեւ կիսախաղ կրցաւ կոլ մըն ալ նշանակել Ուեսթ Պրոմիչի միջնապահ Իսաք Փրայսի շնորհիւ:
61-րդ վայրկեանին Ամիրի եւ Մաքսիմիլիան Պայեր դաշտ ներկայացան, եւ Գերմանիա յաւելեալ յարձակումներ սկսաւ կատարել եւ 3 վայրկեանի ընթացքին նշանակեց 2 կոլ: Գեղեցիկ էր Վիրցի ազատ հարուածով կոլը, որուն շնորհիւ Գերմանիա հաստատեց իր յաղթանակը, 3 օր առաջ Սլովաքիոյ դէմ մրցումին (2-0) անակնկալ պարտութենէն ետք:
Նետերլանտներու յառաջապահ Մեմֆիս Տեփայ անցաւ իր երկրի ազգային խումբի պատմական մարզիկներու կարգին, նշանակելէ ետք 2 կոլ` Լիթուանիոյ դէմ (3-2) յաղթանակին: Ան այժմ 52 կոլ նշանակած է եւ 2 կոլով կը գերազանցէ մրցանիշ հաստատած Ռոպին Վան Փերսին (50 կոլ):
Այսօր Հայաստան ժամը 19:00-ին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Այիրը: Հայաստանի յոյսերը` Մոնտիալին հասնելու, քիչ մը դժուարացան, երբ օրեր առաջ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Փորթուգալէն, մինչ Այիր իր կարգին լաւ վիճակի մէջ չէ եւ 2002-էն ի վեր չէ հասած Մոնտիալին:
Ստորեւ զտումի մրցումներու կարեւորագոյն արդիւնքները եւ այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Լիւքսամպուրկ – Սլովաքիա 0-1
Լեհաստան – Ֆինլանտա 3-1
Պելճիքա – Ղազախստան 6-0
Գերմանիա – Հիւսիսային Իրլանտա 3-1
Թուրքիա – Սպանիա 0-6
Հիւսիսային Մակեդոնիա – Լիխթընշթայն 5-0
Լիթուանիա – Նետերլանտներ 2-3
Վրաստան – Պուլկարիա 3-0
ԱՅՍՕՐ
Հայաստան – Այիր
Կիպրոս – Ռումանիա
Նորվեկիա – Մոլտովա
Ալպանիա – Լաթվիա
Պոսնիա – Աւստրիա
Սերպիա – Անգլիա
Հունգարիա – Փորթուգալ
Ֆրանսա – Իսլանտա