Եանիս Անթեթոքումփօ վերադարձաւ, եւ Յունաստան 90-86 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եւրոպայի ախոյեան Սպանիան, որ դուրս մնաց այս արդիւնքէն ետք:
1 էսիսթի պէտք ունէր Եանիս, որ թրիփըլ տապըլ կրնար իրագործել Սպանիոյ դէմ` 25 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգելէ ետք:
Թայլըր Տորսի 22 կէտ աւելցուց ի նպաստ Յունաստանի, որ գրաւեց Գ. խմբակի պարագլուխի դիրքը:
Իտալիա, որ 89-54 արդիւնքով յաղթեց Կիպրոսին, գրաւեց 2-րդ դիրքը, մինչ Պոսնիա 84-76 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանին, բայց երկու խումբերն ալ հասան յաջորդ հանգրուան:
Պելճիքա 70-69 արդիւնքով յաղթեց Լեհաստանին, բայց դուրս մնաց: Սլովենիա 106-96 արդիւնքով յաղթեց Իսրայէլին, մրցումին ընթացքին փայլեցաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի աստղ Լուքա Տոնչիչ, որ 37 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ստորեւ` Բ. հանգրուանի նաք-աութի մրցումները.
Լիթուանիա – Լաթվիա
Յունաստան – Իսրայէլ
Թուրքիա – Շուէտ
Լեհաստան – Պոսնիա
Գերմանիա – Փորթուգալ
Իտալիա – Սլովենիա
Սերպիա – Ֆինլանտա
Ֆրանսա – Վրաստան


