Այսօր եւրոպական ազգային խումբեր կը սկսին 2026-ի մոնտիալի զտումի իրենց մրցումները, մինչ այլ խումբեր արդէն իսկ սկսած են իրենց երթը, մանաւանդ այն խումբերը, որոնք Ազգերու լիկայի աւարտական հանգրուաններ չէին հասած:
Գ. խմբակին մէջ, ուր արդէն իսկ 8 մրցումներ տեղի ունեցած են, Նետերլանտներու խումբը Ռոթերտամի մէջ պիտի հիւրընկալէ Լեհաստանը:
Երկու խումբերն ալ թեկնածու են հասնելու Մոնտիալին եւ 2 յաղթանակներ արձանագրած են արդէն իսկ: Նետերլանտներու խումբը իր երկու մրցումներուն 10 կոլ նշանակած է առանց իսկ կոլ մը ստանալու, մինչ Լեհաստան 3 մրցումներ կատարած է` պարտուելով վերջինին` խմբակին առաջին դիրքը գրաւող Ֆինլանտայէն (2-1):
Նախկին ճակատումներուն Նետերլանտներու խումբը միայն 3 անգամ պարտուած է Լեհաստանէն 20 ելոյթներու ընթացքին, յաղթելով վերջին 6 մրցումներէն 5-ին:
Նետերլանտներէն պիտի բացակայի Ժերեմի Ֆրիմփոնկ, բայց Չաւի Սիմոնս լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ վերջերս ան միացած էր Լոնտոնի Թոթենհամ ակումբին:
Լեհաստանի այժմու լաւագոյն մարզիկն է Քարոլ Շվիտերսքի, որ 7 կոլ նշանակած է 12 մրցումներու ընթացքին:
Առաջին խմբակին մէջ տակաւին մրցում չէ կատարուած, բացման մրցումը պիտի ըլլայ Պրաթիսլաւայի մէջ, ուր Սլովաքիա պիտի հիւրընկալէ Գերմանիան: Սլովաքիա միշտ ալ լաւ ձեւով չէ սկսած Մոնտիալի զտումի իր մրցումները, եւ այսօր ունի դժուար մրցակից մը, որ 4 անգամ շահած է Մոնտիալը: Այժմու թիւ 9 դասուած Գերմանիա իր կազմին մէջ պիտի ունենայ Ռէալ Մատրիտի մարզիկ Անթոնիօ Ռուտիկըրը, որ պիտի փորձէ ազգային խումբին վերջին ձախող մրցումները մոռցնել: Գերմանիա Ազգերու լիկայի կիսաւարտականին 2-1 արդիւնքով պարտուած էր, իսկ 3-րդ դիրքի մրցումին 2-0 արդիւնքով` Ֆրանսայէն:
Սլովաքիա եւ Գերմանիա 6 անգամ մրցած են իրար դէմ, եւ Գերմանիա 4 անգամ կրցած է յաղթել:
Սլովաքիայէն պիտի բացակային Թոմաս Սուսլով եւ Տենիս Վաւրօ, մինչ Գերմանիայէն կը բացակային վիրաւորներ Քայ Հավերթց, Ժամալ Մուսխալա եւ Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկըն, ինչպէս նաեւ Լիրոյ Սանէ, որ նկատի չառնուեցաւ մարզիչ Եուլիան Նակըլզմանի կողմէ:
Ստորեւ` այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Ղազախստան – Կալես
Վրաստան – Թուրքիա
Լիթուանիա – Մալթա
Պուլկարիա – Սպանիա
Լիխթընշթայն – Պելճիքա
Լիւքսամպուրկ – Հիւսիսային Իրլանտա
Նետերլանտներ – Լեհաստան
Սլովաքիա – Գերմանիա
ՎԱՂԸ
Դանիա – Սկովտիա
Ֆարօ կղզիներ – Խրուաթիա
Յունաստան – Պիելոռուսիա
Իսլանտա – Ազրպէյճան
Իտալիա – Էսթոնիա
Մոլտովա – Իսրայէլ
Մոնթենեկրօ – Չեխիա
Սլովենիա – Շուէտ
Զուիցերիա – Քոսովօ
Ուքրանիա – Ֆրանսա


