«Եու. Էս. Օփըն»-ը կ՛աւարտի այս շաբաթավերջին, ուր այսօր գիշեր տեղի կ՛ունենայ աղջկան աւարտականի մրցումը, իսկ վաղը` տղոց աւարտականը:
Աղջկանց աւարտականի մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ աշխարհի թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքան եւ թիւ 9 դասուած ամերիկացի Ամանտա Անիսիմովան:
Պիելոռուս Սապալենքա կիսաւարտականին սեթ մը կորսնցնելէ ետք Ճեսիքա Փեկուլայի դէմ (6-4), կրցաւ 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով շահիլ յաջորդ երկու սեթերը` դուրս ձգելով ամերիկացի Փեկուլան, անցեալ տարուան «Եու. Էս. Օփըն»-ի աւարտականի մրցումին նման:
Սապալենքա, որ յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով կը հասնի աւարտական, միշտ ալ ամերիկացի մրցակից կ՛ունենայ աւարտականին: 2023-ին ան պարտութիւն կրած էր Քոքօ Կաֆէն, ապա անցեալ տարի յաղթած Փեկուլային: Այս տարուան մրցակիցը ռուս ընտանիքի զաւակ Ամանտա Անիսիմովան է, որուն հայրը` Քոնսթանթին Անիսիմով, իր կնոջ` Օլկայի հետ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ 1990-ականներուն:
Ամերիկա ծնած Ամանտա, որ այս տարի հասած էր Ուիմպըլտընի աւարտական, պիտի փորձէ աւելի բարձր մակարդակ ցոյց տալ Սապալենքայի դէմ, կրան շլեմի այս տարուան վերջին մրցաշարքին:
Տղոց աւարտականի մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Եաննիք Սինըր (թիւ 1) – Ֆելիքս Օժէ – Ալիասիմ (թիւ 25) եւ Քարլոս Ալքարաս (թիւ 2) – Նովաք Ճոքովիչ (թիւ 7) մրցումներուն յաղթականները: