Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տիտղոսով մը եւս փակեց այս տարեշրջանը` շահելէ ետք Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, յաղթելէ ետք Ա. խմբակի եւ Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալի` 2-0 արդիւնքով:
Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղաքը մանաւանդ առաջին կիսախաղին ճնշեցին եւ տիրապետեցին մրցակիցին վրայ մրցումի սկիզբէն, նոյնիսկ առանց միջնապահ Յակոբ Նաճարեանի, որ երկրէն դուրս կը գտնուէր:
Ժամացոյցի վրայ 5-րդ վայրկեանը կ՛աւարտէր, երբ Տիգօ գնդակը յանձնեց Սերժ Օսքեանին, որ շատ գեղեցիկ փոխանցումով մը ձախ կողմէն ազատօրէն ճեղքեց մրցակիցի պաշտպանողականը եւ մրցակիցի մը խաղի բերելէ ետք փոխանցեց կեդրոն` Եուսեֆ Համատէին, որ պարտութեան մատնելով մրցակից բերդապահը` բացաւ մրցումին հաշիւը:
Համակիրները աւելի եւս «կատղեցան», եւ դաշտի մթնոլորտը հանդիսութեան վերածուեցաւ:
Այս կոլը անշուշտ հանգստացուց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը, որ իրենց նախընտրած խաղաձեւով սկսան խաղալ` մրցակիցին յարձակումներուն սպասելով եւ հակայարձակումներով զայն անակնկալի բերելով:
Ֆիզիքականով աւելի զօրաւոր մրցակիցը բաւական նեղի բերաւ մեր տղաքը, որոնք ընդհանրապէս զոյգ պայքարներու մէջ կը կորսնցնէին գնդակը, բայց մասնաւոր վտանգ չկար բերդին վրայ:
46-րդ վայրկեանը կ՛անցնէր, երբ Ֆատըլ Ռիտա գնդակը «գողցաւ» մրցակից պաշտպանէ մը եւ սուրաց դէպի մրցակիցի բերդ, բայց վերջին պաշտպանը մեծ քառակուսիի մուտքին զինք խոշտանգեց… Սակայն մրցակիցին ստացած քարտը կարմիր չէր (ըստ իրաւարարին), եւ անվիճելի ազատ հարուածը վարպետօրէն կոլի վերածեց Սերժ Օսքեան, որ գնդակը մրցակից խումբի պատնէշին ծայրէն դարձնելով նշանակեց գեղեցիկ կոլը` վերջ դնելով կիսախաղին:
Բ. կիսախաղին մրցումին պատկերը մնաց նոյնը, եւ 65-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացան Ալեք Ալճեան եւ Իպրահիմ Մուսաուի` փոխարինելով Ալի Ֆահսն ու Սերժ Օսքեանը: Մօտ 10 վայրկեան ետք Հիւսէյն Զալզալէ եւ Ալի Հայտար փոխարինեցին Ապտոլրահման Սոնտոսն ու Ֆատըլ Ռիտան:
Պէտք է ըսել, որ պաշտպաններ Մոհամետ Քասեմ, Սոնտոս, Սլէյման Աքիլ եւ Տիգօ բաւական լաւ ձեւով օգնեցին բերդապահ Մոհամետ Պաթրաշին բերդին վրայ ճնշումը թեթեւցնելու, մինչ դաշտին կեդրոնէն խմբապետ Աւիկ Յարութիւնեան եւ Քարլոս Թոմաս, նոյնիսկ Եուսեֆ Համատէ կը հասնէին ետեւ` օգնելու յետսապահներուն:
93-րդ վայրկեանին Մուսաուի դաշտին կեդրոնէն փոխանցում մը ստացաւ եւ առանձին սուրաց դէպի մրցակիցի բերդը: Բերդապահը քառակուսիէն դուրս եկաւ, բայց Մուսաուի իր նախասիրած բանը փորձեց ընել` գնդակը նետելով բերդապահին կողմէն, սակայն չկրցաւ հասնիլ գնդակին:
95-րդ վայրկեանին անախորժ դէպք մը պատահեցաւ, երբ Զալզալէ ֆաուլի ենթարկեց մրցակից մը, որ չկրցաւ զսպել ինքզինք եւ վիճեցաւ անոր հետ: Վէճը դարձաւ ծեծկռտուքի, բայց բարեբախտաբար մրցումը 6 վայրկեան տեւած իրարանցումէ ետք շարունակուեցաւ: Զալզալէ կարմիր քարտ մը ստացաւ մրցակից 2 մարզիկներու կողքին:
Մրցումը վերջ գտաւ տիտղոսով մը եւս, ուր ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եւ համակիրները տօնեցին տարեշրջանի փակումը:
Շատ յաջող տարեշրջանէ մը ետք հաճելի էր տօնելը Դ. դասակարգի տիտղոսով, եւ յառաջիկայ տարեշրջանի պատրաստութիւնները վստահաբար պիտի սկսին մօտիկ ապագային:
Գ. դասակարգին մէջ վստահ մակարդակը աւելի բարձր պիտի ըլլայ, եւ խումբին մէջ 30 տարեկանէն վեր մօտ 9 մարզիկներ կան, որոնց համար աւելի դժուար կրնայ ըլլալ յառաջիկայ տարեշրջանը: Փորձառու մարզիկները անշուշտ պէտք են, բայց արագ ֆութպոլ խաղալու համար պէտք է բարելաւել խումբը: