Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի 2027-ի Աւարտական` Մատրիտի Մէջ

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի 2027-ի Աւարտական` Մատրիտի Մէջ

Յառաջիկայ տարեշրջանի Եու. Է. Էֆ. Ա. «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Աթլեթիքօ Մատրիտի «Էսթատիօ Մեթրոփոլիթանօ» դաշտին վրայ: Այս որոշումը վերջերս տրուեցաւ Թիրանայի մէջ Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի դիւանին ժողովէն ետք, ուր նկատի առնուեցաւ նաեւ Վարշաւայի (Լեհաստան) դաշտը իբրեւ հիւրընկալ` աղջկանց «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի դաշտ: Մատրիտի առաջարկը աւելի ընդունելի էր, քան Պաքուի դաշտը, որ քիչ մը եւս պէտք է...

«Բոլորս Գիտենք Թէ Ով  Պիտի Յաջորդէ Տեշանի…»  Ըսաւ Հանրի

«Բոլորս Գիտենք Թէ Ով Պիտի Յաջորդէ Տեշանի…» Ըսաւ Հանրի

Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Թիերի Հանրի մեկնաբանած է Տիտիէ Տեշանի հեռացումը` 2026-ի մոնտիալէն ետք: «Բոլորս գիտենք, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ նոր մարզիչը: Ես անոր յաջողութիւն կը մաղթեմ», ըսաւ Հանրի: Ըստ «Մունտօ Տեփորթիւօ»-ի, Զինետին Զիտան կը պատրաստուի գլխաւորել Ֆրանսայի ազգային խումբը: 53 տարեկան մարզիչը արդէն կ՛ուսումնասիրէ խումբին եւ ֆետերասիոնին աշխատանքը: Հանրի նախապէս մարզած էր Ֆրանսայի երիտասարդներու եւ ողիմպիականի խումբերը, Մոնաքոն...

Ռոնալտօ Եւ Ռուբէն Գրաւեցին  Բոլորին Ուշադրութիւնը

Ռոնալտօ Եւ Ռուբէն Գրաւեցին Բոլորին Ուշադրութիւնը

Շուրջ 7 օր տեւած 2026-ի մոնտիալի Եւրոպայի գօտիի զտումի մրցումներուն շատ ուշագրաւ արդիւնքներ արձանագրուեցան: Գերմանիա անակնկալ պարտութիւն կրեց Սլովաքիոյ դէմ, փորթուգալցի Ռոնալտօ մրցանիշներ հաստատեց, նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ 5 կոլեր նշանակեց, բայց գրեթէ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց Հայաստան - Փորթուգալ մրցումէն առաջ տեղի ունեցած դէպքը: Նոյնիսկ Եու. Է. Էֆ. Ա. իր ընկերային ցանցի էջին վրայ հրապարակած էր փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին եւ...

Ճատրակ.  Սարգսեան Յաղթեց Վաշիէ – Լակրաւի

Ճատրակ. Սարգսեան Յաղթեց Վաշիէ – Լակրաւի

Հայ ճատրակի վարպետները կը շարունակեն իրենց ելոյթները Ֆիտէի կազմակերպած «Կրանտ Սուիս Թուրնըմընթին, որ տեղի կ՛ունենայ Ուզպեքիստանի Սամարզանտ քաղաքին մէջ: 6-րդ փուլի մրցումներուն, Շանթ Սարգսեան պարտութեան մատնեց Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւին (Ֆրանսա): Այժմու աշխարհի թիւ 17 դասուած ֆրանսացի Վաշիէ-Լակրաւ անակնկալի եկաւ Շանթի դէմ, որ հնարաւոր 6 կէտերէն 4-րդ կէտը շահեցաւ: Ռոպերտ Յովհաննիսեան 3 կէտ ունի, մինչ հայ ներկայացուցիչներ Արամ Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան`...

Ծանրաբարձութիւն.  Յակոբ Մկրտչեան Լքեց  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ծանրաբարձութիւն. Յակոբ Մկրտչեան Լքեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց ազգային խումբի անդամ, պատանեկան ողիմպիականի խաղերու ոսկի մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Յակոբ Մկրտչեան աւարտեց իր արհեստավարժ ասպարէզը: Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց այս լուրը` շնորհակալութիւն յայտնելով 28 տարեկան մարզիկին տարիներու իր նուիրումին եւ նշանակելի նուաճումներուն համար: Յակոբ Մկրտչեան 2014-ին Նանկինի պատանեկան Ողիմպիական խաղերուն ոսկի մետալ շահած էր, 2019-ին աշխարհի ախոյեան դարձած էր, ինչպէս նաեւ 2019-ին...

Պատմութեան Ամէնէն Արժէքաւոր  Փոխանցումները Եւ Խումբերը

Պատմութեան Ամէնէն Արժէքաւոր Փոխանցումները Եւ Խումբերը

Պատմութեան մէջ եղած են խումբեր, որոնք մեծ գումարներ թափած են տիտղոսներ շահելու նպատակով` մասամբ յաջողելով, մասամբ ալ ո՛չ: 2017-ին Փարիզ Սեն Ժերմեն հսկայական գումար ծախսեց խումբին մակարդակը բարձրացնելու համար ձեռք ձգելով Պարսելոնայի պրազիլցի աստղ Նէյմարը 222 միլիոն եւրոյի (աշխարհի մրցանիշ մինչեւ օրս)` զայն համոզելով դուրս գալ Մեսսիի շուքէն: Սակայն օրին Փարիզի ակումբը չբաւարարուեցաւ այսքանով եւ ձեռք ձգեց նաեւ 18 տարեկան...

Պասքեթպոլ.  Գերմանիա Դուրս Ձգեց Տոնչիչի Սլովենիան

Պասքեթպոլ. Գերմանիա Դուրս Ձգեց Տոնչիչի Սլովենիան

Աշխարհի ախոյեան Գերմանիան չորեքշաբթի գիշեր Եուրօ պասքեթ 2025-ի կիսաւարտական հասաւ` 99-91 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սլովենիոյ շատ «տաք» մրցումին, որ վճռուեցաւ 4-րդ մասին: Լուքա Տոնչիչ 39 կէտ նշանակեց, բայց առանձին կարելի չէր յաղթել Գերմանիոյ, որ մրցումի առաջին երեք մասերուն ետ կը մնար, բայց վերջին մասին կրցաւ հասնիլ եւ յաղթել: Առաջին մասին, Սլովենիոյ առաւելութիւնը 11 կէտի հասաւ (21-32), իսկ 2-րդին եւ 3-րդ...

Եու. Է. Էֆ. Ա. «Չեմփիընզ Լիկ».  Յառաջիկայ Շաբաթ  Պիտի Սկսի Առաջին Փուլը

Եու. Է. Էֆ. Ա. «Չեմփիընզ Լիկ». Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Սկսի Առաջին Փուլը

Յառաջիկայ երեքշաբթի պիտի սկսի Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքը: Անցեալ տարուան նման խմբակներ չկան, եւ բոլոր ակումբներն ալ 8-ական մրցումներ պիտի կատարեն, 4-ը` իրենց դաշտին վրայ, իսկ 4-ը` մրցակիցին դաշտին վրայ: Առաջին շաբթուան մրցումները բաժնուած են 3 օրերու վրայ, եւ 6-ական մրցումներ տեղի պիտի ունենան ամէն օր: Ստորեւ յայտագիրը. ԺԱՄԸ 19:45-ԻՆ Աթլեթիք Պիլպաօ (Սպանիա) - Արսենալ (Անգլիա)...

Պասքեթպոլ.  Հայաստան – Պուլկարիա Առաջին Զտումի Մրցում

Պասքեթպոլ. Հայաստան – Պուլկարիա Առաջին Զտումի Մրցում

Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբը Եուրօ պասքեթի զտումի առաջին փուլին պիտի մրցի Պուլկարիոյ դէմ: «Արմենփրես»-ին համաձայն, Հայաստանի ազգային խումբը մաս կը կազմէ խմբակի մը, ուր ներկայ է նաեւ Նորվեկիան: Ստորեւ` Հայաստանի մրցումներուն յայտագիրը. Պուլկարիա - Հայաստան նոյեմբեր 27, 2025 Հայաստան - Նորվեկիա նոյեմբեր 30 2025 Հայաստան - Պուլկարիա մարտ 2, 2026 Նորվեկիա - Հայաստան յուլիս 2, 2026  

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Հայաստան Յաղթեց Իրլանտային

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստան Յաղթեց Իրլանտային

2026-ի մոնտիալի զտումի իր երկրորդ մրցումին, Հայաստան Զ. խմբակէն ներս, 2-1 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Իրլանտային դէմ «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ: 9 սեպտեմբերին տեղի ունեցած մրցումի 45-րդ վայրկեանին, Լուքաս Սելարաեանի վրայ ֆաուլէ մը ետք, Էդուարդ Սփերձեան փենալթիով նշանակեց Հայաստանի առաջին կոլը: Այս կոլը Սփերձեանի 10-րդն էր ազգային խումբի շապիկով եւ 3-րդը Իրլանտայի դէմ մրցումներու ընթացքին: Երկրորդ...

Եու. Էֆ. Սի.  «Թոփուրիա Կը Խուսափի Ծառուկեանէն…»  Ըսաւ Մախաչեւ

Եու. Էֆ. Սի. «Թոփուրիա Կը Խուսափի Ծառուկեանէն…» Ըսաւ Մախաչեւ

Եու. Էֆ. Սի.-ի թեթեւ կշիռի նախկին ախոյեան Իսլամ Մախաչեւ վերջերս կարծիքը յայտնած է այն մասին, թէ ինչպիսի մենամարտ կրնայ ըլլալ այժմու ախոյեան վրացի Իլիա Թոփուրիայի եւ Արման Ծառուկեանի միջեւ: Ըստ Մախաչեւի, Իլիա Թոփուրիա կը խուսափի Ծառուկեանի դէմ հանդիպումէն: «Գաղտնիք չէ, որ Թոփուրիա կը խուսափի Ծառուկեանէն: Ես քանի մը տեսանիւթ դիտեցի համացանցի վրայ, ուր Իլիա կ՛ըսէ, թէ ան կը նախընտրէ աւարտել...

Եւրոպայի Մէջ Մարզական Մրցանշային Ամառ Մը

Եւրոպայի Մէջ Մարզական Մրցանշային Ամառ Մը

Այս ամրան Եւրոպայի ֆութպոլի փոխանցումներու «շուկան» բաւական փոթորկոտ էր, արդարեւ մրցանիշներ արձանագրուեցան կարեւոր 5 ախոյեանութիւններու: Անգլիոյ Փրեմիեր լիկի ակումբները ծախսեցին աւելի քան 3 պիլիոն սթերլինկ փաունտ` գերազանցելով 2023-ին 2.4 պիլիոն սթերլինկ փաունտի մրցանիշը: Այս ծախսերը անշուշտ պայմանաւորուած շարք մը գործօններով` Եւրոպայի եւ ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ակումբներու, մոնտիալի անգլիական ակումբներու յաջողութիւններ, մեծ ծանուցումներու համաձայնագիրներ, պատկերասփիւռի վերաբերող եկամուտներու երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ ներքին ծախսերու...

Հարաւային Ամերիկայի Զտումներ.  Վենեզուելա Դուրս Մնաց. Արժանթին Եւ Պրազիլ Պարտուեցան

Հարաւային Ամերիկայի Զտումներ. Վենեզուելա Դուրս Մնաց. Արժանթին Եւ Պրազիլ Պարտուեցան

Երէկ առաւօտեան ժամերուն վերջ գտան 2026-ի մոնտիալի Հարաւային Ամերիկայի զտումի մրցումները` անակնկալ արդիւնքներով: Արդարեւ, առաջին դիրքը գրաւող Արժանթին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Բ. դիրքը գրաւող Էքուատորի դաշտին վրայ, մինչ Պրազիլ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոլիվիայէն, որ գրաւեց 7-րդ դիրքը` յոյսերը պահելով 2026-ի մոնտիալի հասնելու: 3-րդ դիրքը գրաւող Քոլոմպիա 6-3 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Վենեզուելան, այս վերջինին դաշտին վրայ...

Ռելի.  Ռոժէ Ֆեղալի 18-րդ Անգամ Ըլլալով Շահեցաւ Լիբանանի 18-րդ Ռելին

Ռելի. Ռոժէ Ֆեղալի 18-րդ Անգամ Ըլլալով Շահեցաւ Լիբանանի 18-րդ Ռելին

Լիբանանի ռելիներու ախոյեան Ռոժէ Ֆեղալի շահեցաւ Լիբանանի 47-րդ միջազգային ռելին իր օգնական վարորդ Ժոզէֆ Մաթարի հետ իր Թոյոթա Ճի. Սր. Եարիսով: Քաթարցի վարորդ Նասէր Աթիէ եւ օգնական Քանտիտօ Քառերա (Սպանիա) գրաւեցին Բ. դիրքը` 9.2 երկվայրկեան տարբերութեամբ, մինչ Էլիաս Տըհնի եւ օգնականը` Նիքոլա Արենա, գրաւեցին 5-րդ դիրքը 3' 30" տարբերութեամբ: Այս ռելին այս տարուան Միջին Արեւելքի ռելիներու 5-րդ եւ նախավերջին փուլն...

Ըմբշամարտ.  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը` Զաղրէպի Մէջ

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւնը` Զաղրէպի Մէջ

13-21 սեպտեմբերին Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրէպի մէջ տեղի պիտի ունենայ ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: 5 հայ ըմբիշներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս ախոյեանութեան: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը ներկայացուց զանոնք` հետեւեալ ձեւով. 57 քկ կշիռի մրցումներուն Արսէն Յարութիւնեան պիտի ըլլայ հայ ներկայացուցիչը, 61 քկ կշիռի մրցումներուն Մանուէլ Խնձերցեան պիտի ներկայացնէ Հայաստանը, 65 քկ կշիռի մրցումներուն` Վազգէն Թեւանեան, 70 քկ կշիռի մրցումներուն` Արման Անդրէասեան իսկ...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Կոլերով Հարուստ Մրցումէ Մը Ետք  Իտալիա Յաղթեց Իսրայէլի (5-4)

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Կոլերով Հարուստ Մրցումէ Մը Ետք Իտալիա Յաղթեց Իսրայէլի (5-4)

Երկուշաբթի գիշեր Հունգարիոյ մէջ (չէզոք դաշտ) Իտալիա հիւրը եղաւ Իսրայէլի եւ «խենթ մրցում»-է մը ետք 3 կարեւոր կէտեր շահեցաւ` 5-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք: Մարզիչ Ճենարօ Կաթուզօ մրցումէն ետք յայտնեց, թէ ասիկա մարզիչի իր ասպարէզին մէջ կատարուած ամէնէն «խենթ» մրցումն էր, բայց նաեւ նշեց, թէ պէտք է լաւ ձեւով պաշտպանել արդիւնք մը, ամէն անգամ որ առաջ անցնի խումբը: Իտալիա, որ 1-0,...

Ալվարէս Կը Փափաքի Պարսելոնայի Միանալ

Ալվարէս Կը Փափաքի Պարսելոնայի Միանալ

Աթլեթիքօ Մատրիտի արժանթինցի յառաջապահ Խուլիան Ալվարէս մտադիր է իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Պարսելոնայի հետ: Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, արժանթինցի ֆութպոլիստը արդէն իր շրջապատը տեղեակ պահած է, որ 2026-ին (ամրան) ան կը փափաքի Պարսելոնա տեղափոխուիլ: Ան պատրաստ է ճնշում բանեցնել մատրիտեան ակումբին ղեկավարութեան վրայ: Կը նշուի, որ Ալվարէսի այս փափաքը կապուած է Աթլեթիքոյի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէի նոր մարտավարական գաղափարներու հետ, որոնք արժանթինցի...

– Եուլմանն` Լեւերքուզընի Մարզիչ. Նունօ Պաշտօնանկ Եղաւ

– Եուլմանն` Լեւերքուզընի Մարզիչ. Նունօ Պաշտօնանկ Եղաւ

Գերմանիոյ Պունտըսլիկայի 2023-ի ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն յայտարարեց, թէ մարզիչ նշանակած է դանիացի Քասփըր Եուլմաննը մինչեւ 2027-ի յունիս 30-ը: Եուլմանն որ 2020-ի օգոստոսէն 2024-ի յուլիսին Դանիոյ ազգային խումբին մարզիչն էր, նախապէս մարզած է նաեւ գերմանական Մայնց ակումբը: Ան փոխարինեց Էրիք Թեն Հակը: Լեւերքուզըն իր 2 մրցումներէն միայն 1 կէտ ապահոված է եւ կը գրաւէ ախոյեանութեան դասաւորման 12-րդ դիրքը: Անգլիոյ Նոթինկհամ Ֆորեսթ...

Սերխիօ Ռամոսը Եւ… Երազները

Սերխիօ Ռամոսը Եւ… Երազները

Մոնթերէի յետսապահ Սերխիօ Ռամոս խոստովանած է, որ կը փափաքի շահիլ «Կրեմի» երաժշտական մրցանակը, իսկ աւելի ուշ` Չեմփիընզ լիկը` իբրեւ մարզիչ: «Ես լաւատես եմ: Միշտ մարդոց խորհուրդ կու տամ երազելու... ես կը պատկերացնեմ շահիլ Չեմփիընզ լիկը իբրեւ մարզիչ եւ Կրեմի շահիլ յառաջիկայ քանի մը տարիներու ընթացքին, թերեւս ալ` աւելի կանուխ: Կեանքի այս փուլին կը փափաքիմ զբաղիլ երաժշտութեամբ` իմ փորձառութիւնս բաժնեկցելով մարդոց...

Մուրինիօ. «Պէտք Չէ Բաղդատել Հին Աստղերը…»

Մուրինիօ. «Պէտք Չէ Բաղդատել Հին Աստղերը…»

Փորթուգալցի աշխարհահռչակ մասնագէտ Ժոզէ Մուրինիօ խօսած է ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներու վէճերուն մասին` ընդգծելով որ անարդար է համեմատել տարբեր ժամանակաշրջաններու ֆութպոլիստներուն: Ան կը կարծէ, թէ երիտասարդ սերունդը բաւարար գիտելիքներ չունի անցեալի պատմական աստղերուն մասին, եւ հաշուի չեն առնուիր անոնց ժամանակուան պայմանները: «Երիտասարդ սերունդը քիչ բան գիտէ Փելէի, Էօզեպիոյի, Պեքընպաուըրի մասին եւ անոնց ֆութպոլը կը համեմատէ այսօրուան հետ: 40 տարի առաջ,...

Page 96 of 1275 1 … 95 96 97 … 1,275

Արխիւներ