Սլովաքիա դարձաւ առաջին երկիրը, որ պարտութեան կը մատնէ Գերմանիան Մոնտիալի զտումներու պատմութեան ընթացքին, 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք 2026-ի Մոնտիալի զտումի բացման մրցումին:
Գերմանիա, որ նախապէս իր դաշտին վրայ պարտութիւններ կրած էր Փորթուգալէ (1986-ի Մոնտիալի զտում), Անգլիայէն (2002-ի Մոնտիալի զտում) եւ Հիւսիսային Մակեդոնիայէն (2022-ի Մոնտիալի զտում) զտումի մրցումներու գծով, չկրցաւ իր խաղաոճը պարտադրել Սլովաքիոյ վրայ, եւ մանաւանդ պաշտպանողական գիծը կորսուած վիճակ ունէր Սլովաք արագ մարզիկներուն դիմաց:
19 տարեկան Լէօ Սաուըր յաճախ կը գերազանցէր Նամտի Քոլինզը, որ Գերմանիոյ աջ ծայրի պաշտպանի դիրքի վրայ կը խաղար, մինչ Ռէալ Մատրիտի կեդրոնի պաշտպան Անթոնիօ Ռուտիկըր կը փորձէր սխալներ գոցել աւելի խոցելի սխալներ կատարելով:
Տաւիտ Հանքօ եւ Տաւիտ Սթրելեչ նշանակեցին երկու կոլերը, մինչ խմբապետ Եոշուա Քիմիչ եւ Ֆլորիան Վիրց իրենց հետ չունէին Մուսիալայի եւ Հավերթցի նման խմբակիցներ (երկուքն ալ վիրաւոր) եւ կարծէք տարբեր խումբէ կը խաղային:
Եուլիան Նակըլզման վստահաբար պէտք է «բան մը փոխէ»` սկսելով պայքարի ոգիի պակասէն եւ խմբային խաղաձեւով, որ միշտ ալ եղած է Գերմանիոյ ուժը:
Վաղը Քէօլնի մէջ Գերմանիա պիտի հիւրընկալէ Հիւսիսային Իրլանտան, որ Լիւքսամպուրկի մէջ 3-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակով սկսաւ զտումի իր արշաւը:
Եւրոպայի ախոյեան Սպանիան Սոֆիայի մէջ 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Պուլկարիոյ դէմ մրցումին: Միքել Օյարսապալ, Մարք Քուքուրելիա եւ Միքել Մերինօ նշանակեցին Սպանիոյ երեք կոլերը:
Նետերլանտներ Ռոթերտամի մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը կրցաւ արձանագրել Լեհաստանի հետ:
Հակառակ մեծ մասամբ իշխելուն, Ռոնալտ Քումանի մարզած «նարնջագոյն»-ները միայն 1 կոլ կրցան նշանակել Ինթեր Միլանի պաշտպան Տենզել Տումֆրիզի շնորհիւ, մինչ Ասթոն Վիլայի պաշտպան Մեթի Քեշ 80-րդ վայրկեանին նշանակեց Լեհաստանի հաւասարութեան կոլը:
Պելճիքա 6-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լիխթընշթայնի դաշտէն:
Ստորեւ` հինգշաբթի օրուան արդիւնքները եւ յառաջիկայ օրերու յայտագիրը.
Լիւքսամպուրկ – Հիւսիսային Իրլանտա 1-3
Լիխթընշթայն – Պելճիքա 0-6
Սլովաքիա – Գերմանիա 2-0
Պուլկարիա – Սպանիա 0-3
Նետերլանտներ – Լեհաստան 1-1
Վրաստան – Թուրքիա 2-3
Լիթուանիա – Մալթա 1-1
Ղազախստան – Կալես 0-1
Այսօր Երեւանի մէջ Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Փորթուգալը, Զ. խմբակին մէջ, մինչ Այիր պիտի հիւրընկալէ Հունգարիան Տապլինի մէջ:
Ստորեւ յայտագիրը.
Հայաստան – Փորթուգալ
Լաթվիա – Սերպիա
Անգլիա – Անտորրա
Այիր – Հունգարիա
Սան Մարինօ – Պուսնիա
Աւստրիա – Կիպրոս
ՎԱՂԸ
Վրաստան – Պուլկարիա
Հիւսիսային Մակեդոնիա – Լիխթընշթայն
Լիթուանիա – Նետերլանտներ
Լիւքսամպուրկ – Սլովաքիա
Լեհաստան – Ֆինլանտա
Պելճիքա – Ղազախստան
Գերմանիա – Հիւսիսային Իրլանտա
Թուրքիա – Սպանիա


