Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Հրանդ Մեքումեան սեւ քարերով պարտուեցաւ անգլիացի Տէյվիտ Հաուըլէն եւ դուրս մնաց յառաջատարներուն շարքէն:
Անգլիացի Տէյվիտ Հաուըլ եւ սպանացի Տաւիտ Անթոն Կիխարօ այժմ 6-ական կէտով կը կիսեն առաջին դիրքը:
Անոնցմէ կէս կէտով ետ կը մնայ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Միքայէլեան, որ կը բաժնէ 3-13-րդ դիրքերը:
Ան 7-րդ հանգրուանին ճերմակ քարերով յաղթեց Սերկէյ Ժիկալքոյի (Պիելոռուսիա):
Հրանդ Մելքումեան, Արման Փաշիկեան, Վահէ Պաղտասարեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան ապահոված են 5-ական կէտ, իսկ Հայկ Մարտիրոսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Արթուր Դաւթեան ապահոված են 4,5-ական կէտ:



