Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ լիբանանցի իրաւարարներ մեկնեցան Պուլկարիա` յատուկ դասընթացքներու հետեւելու համար, որպէսզի կարենան յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգել:
Այդ դասընթացքները տեղի պիտի ունենան 7-13 յունիսին` հսկողութեամբ ՖԻՊԱ-ին:
Պուլկարիա մեկնած իրաւարարներն են` Մարուան Աքիքի, Ռոժէ Օպէյտ, Ժորժ Պաաքլինի, Սերճիօ Քասսապ եւ Ամիտ Սարրաֆ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ լիբանանեան պասքեթպոլի թեքնիք յանձնախումբի պատասխանատու Սուհէյլ Քասսապ:



