Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 7 յունիսին տեղի կ՛ունենայ Անթունիէ – Հուփս փլէյ-օֆի երկրորդ մրցումը:
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին ճակատումը, որ կատարուեցաւ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, աւարտեցաւ Անթունիէ յաղթանակով` 86-72 արդիւնքով:
Եթէ պատահի, որ այսօր Անթունիէ յաղթանակ մը եւս արձանագրէ, պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ, մինչ Հուփս պիտի փոխադրուի Բ. դասակարգ: