Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Ռասինկ յայտարարեց, թէ իր կազմին նոր մարզիչ նշանակած է Ռիտա Անթարը` 2017-2018 տարեշրջանին համար:
Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ, երբ Ռասինկ երէկ գումարեց իր շաբաթական հերթական ժողովը:
Նշենք, որ Անթար հանդիսացաւ առաջին լիբանանցի ֆութպոլիստը, որ մուտք գործեց եւրոպական դաշտերը` մաս կազմելով «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Ֆրայպուրկի:
Ֆութպոլի դաշտերուն վրայ 20 տարի ելոյթ ունենալէ ետք, Անթար 15 մայիս 2017-ին յայտարարեց, որ վերջ կը դնէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:

Այլ գետնի վրայ, Ռասինկ յայտարարեց, որ ակումբի գանձապահ Ժորժ Հաննայի թեկնածութիւնը առաջադրած է Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նոր ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 22 յուլիս 2017-ին:



