Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը իր մարզիչին` Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2020:
Խումբին հետ 49 տարեկան Ալլեկրիի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտէր յուլիսին:
Ան 16 յուլիս 2017-ին նշանակուեցաւ Եուվենթուսի մարզիչ: Անոր հետ խումբը վերջին երեք տարեշրջաններուն յաջորդաբար երեք անգան դարձաւ Իտալիոյ ախոյեան եւ Իտալիոյ բաժակակիր, 2015-ին տիրացաւ Իտալիոյ գերբաժակի տիտղոսին, իսկ 2015-ին եւ 2017-ին անոր հետ խումբը յաջողեցաւ հասնիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին:
Նշենք, որ ան նախապէս եղած է Լեչէի, Քալիարիի, Սասուոլոյի եւ Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ: