Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Անթունիէ – Հուփս երկրորդ մրցումը, որ կ՛իյնայ Ա. եւ Բ. դասակարգերու փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Անթունիէ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր Հուփսի դաշտին` Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրեց 77-73 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս երկրորդ յաղթանակին շնորհիւ, Անթունիէ բարձրացաւ Ա. դասակարգ, մինչ Հուփս փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Նշենք, որ Անթունիէի մարզիչն է Ղասսան Սարգիս, մինչ Հուփսի մարզիչը` Տիգրան Կէօքճեան:



