Քաթալոնական Պարսելոնայի միջնապահ Արտա Թուրան լրագրողի մը վրայ յարձակած ըլլալուն պատճառով հեռացուեցաւ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբէն:
Մակեդոնիոյ դէմ տեղի ունեցած (0-0) ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն վերադառնալու ընթացքին, 30 տարեկան Թուրան օդանաւին մէջ յարձակած է թրքական մարզական լրագրութեան վեթերան Պիլալ Մեշէի վրայ եւ հայհոյալից խօսքեր արտասանած անոր հասցէին:
«Հիւրրիյեթ» կը հաղորդէ, որ Թուրան դժգոհ եղած է, որ լրագրողը Եուրօ-2016-էն ետք քանի մը յօդուած գրած է ազգային խումբին մէջ պարգեւավճարներու նիւթով վիճաբանութիւններու մասին:
Կը նշուի, որ Մեշէ որոշած է այս հարցով դիմել դատարան: