Գերմանական «Պիլտ»-ի համաձայն, Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ շատ հաւանաբար միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենին:
Կը նշուի, որ մայրաքաղաքի կազմը 27 տարեկան ֆութպոլիստին հետ 4 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ, տարեկան 14 միլիոն եւրօ աշխատավարձով մը:
Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 70 միլիոն եւրոյով, բայց այդ գումարը կրնայ քիչ մը կրճատուիլ, եթէ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Ժան-Քեւին Օկիւսթէն մեկնի հակառակ ուղղութեամբ:



