Իրանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ 27 տարեկան Իհսան Հաճի Սաֆի եւ 33 տարեկան Մեսուտ Շոժայէ դուրս դրուեցան Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբէն: Առաջինը խումբին հետ կատարած է 84 մրցում, իսկ երկրորդը` 70:
Երկու մարզիկներուն դուրս դրուելուն պատճառը այն է, որ անոնք երկուքն ալ յունական Փանիոնիսի կազմին հետ իրենց մասնակցութիւնը բերին իսրայէլեան Մաքապի Թել Աւիւի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, Իրան եւ Իսրայէլ իրարու թնշամի երկիրներ են:
Իսրայէլեան խումբի մը դէմ մրցում կատարելը նախարարութեան կարծիքով կը նշանակէ ճանչնալ Իսրայէլը:



