Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, երբ իր դաշտին «Քամփ Նու»-ի մէջ, Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 23:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Դարձի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 17 օգոստոսին «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի կէս գիշերին: