Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան վաղը` կիրակի, 13 օգոստոսին:
Այդ մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, առաջին չորս դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան` «ֆայնըլ-ֆոր»:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վերջին մրցակիցն է 1875 խումբը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պիպլոսի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 13:00-ին: