2019-ի աշխարհի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 12 օգոստոսին, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը մրցում մը ունի կատարելիք Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ, դաշտին տիրոջ դէմ:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Հայրենի կազմը ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:
Այս մրցումէն բացի, հայրենի կազմը 2 մրցում եւս ունի կատարելիք:
Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան:
Հայաստանի մարզիչ Նիքշա Պաւցեւիչ ըսաւ, որ իր կազմին կրած վերջին պարտութենէն ետք փորձած է գտնել սխալները եւ զանոնք սրբագրել յաջորդ մրցումին համար:
 
			


