
Երէկ կէսօրին «Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ (Սին էլ Ֆիլ) տեղի ունեցած յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի եւ «Սանիթա» ընկերութեան միջեւ պայմանագիրի կնքումը:
Վերջինս հանդիսացաւ Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Լիբանանի տղոց ազգային խումբի գլխաւոր հովանաւոր ընկերութիւնը:
Պայմանագիրի կնքումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա եւ այլ անդամներ, «Սանիթա» ընկերութեան տնօրէն Նաամաթ Աֆրամ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Իր խօսքին մէջ Քախիա ըսաւ, որ ինչպէս նախապէս, այս անգամ եւս, «Սանիթա» կու գայ զօրավիգ կանգնելու Լիբանանի ազգային խումբին` իր այս քայլով մեծապէս նեցուկ կանգնելով անոր:
Մամլոյ ասուլիսին աւարտին Լիբանանի ազգային խումբի խմբապետ Ֆետի Խաթիպ Լիբանանի շապիկը իբրեւ յուշանուէր յանձնեց Ըսթայի (այս վերջինին անունով), մինչ Քախիա անոր տուաւ այս ախոյեանութեան յատուկ մետալը: