ՖԻՖԱ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի հաւաքականը, թէեւ նախապէս հրապարակուած դասաւորումէն ետք մրցում չկատարեց, բայց մէկ դիրքի ոստում մը արձանագրեց:
Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորած խումբը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 480 կէտ եւ կը գրաւէ 72-րդ դիրքը:
Նոր յառաջատարը հանդիսացաւ Պրազիլ, որ անցաւ աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիան: Աշխարհի փոխախոյեանը` Արժանթին, մնաց 4-րդ դիրքին վրայ:
2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Հայաստանի մրցակիցներէն, Եւրոպայի գործող ախոյեան Փորթուգալ նահանջեց 6-րդ դիրք, մինչ Լեհաստան բարձրացաւ 5-րդ դիրքը:
Հայրենի կազմին միւս մրցակիցները կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը.
Ռումանիա` 42-րդ, Դանիա` 46-րդ, Մոնթենեկրօ` 52-րդ եւ Ղազախստան` 105-րդ:
Յայտնենք որ Հայաստան 2018-ի մոնտիալի իր յաջորդ մրցումին հիւրը պիտի ըլլայ Ռումանիոյ (1 սեպտեմբեր):