Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը երկրորդ անգամ ըլլալով մրցեցաւ Ուզպեքիստանի դէմ:
Հայրենի կազմէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ Արմէն Յովհաննիսեան, մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Յովհաննէս Յարութիւնեան:
Երկու խումբերն ալ մրցումը աւարտեցին տասը մարզիկով:
Առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Ուզպեքիստան:



