Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքի առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւեցին Հայաստանի ճատրակ խաղացողները:
Կարէն Գրիգորեան եւ Տիգրան Ս. Պետրոսեան, 9-րդ եւ վերջին հանգրուանին յաղթանակ արձանագրելով, 7,5-ական կէտով գրաւեցին յաջորդաբար առաջին եւ երկրորդ դիրքերը:
Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց հնդիկ մասնակիցը (7 կէտ):
Chess.am կայքը հաղորդեց, որ սոյն մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 143 ճատրակի վարպետներ:
 
			


