Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Բ. խմբակին մաս կազմող Ճափոն 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աւստրալիոյ, ապահովեց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աւարտականներուն իր տոմսը: Ճափոն իւրաքանչիւր կիսախաղին նշանակեց կոլ մը:
Այլ գետնի վրայ, Սուրիա (Ա. խմբակ) կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի աւարտականները` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քաթարին:



