Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Իրքութցքի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած սամպոյի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Վաչիկ Վարդանեան 68 քկ դասակարգին մէջ դարձաւ տիտղոսակիր` իր արձանագրած բացառիկ արդիւնքներուն շնորհիւ:
Նշենք, որ ան աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան է, ինչպէս նաեւ` բազմակի մրցանակակիր:
17 երկիրներու 100 մասնակցողներէն տիտղոսակիր դարձան նաեւ չորս այլ մարզիկներ Ռուսիայէն (2), Մոնկոլիայէն եւ Հարաւային Քորէայէն: