Հսկողութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա»-ի եւ գործակցութեամբ «Ինթըրնեշընըլ Սփորթց Մետիա Կրուփ»-ին, յառաջիկայ կիրակի, 10 սեպտեմբերին Փիթ Սթափ-ի վազքուղիին վրայ (Զուք), առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Էնտիւրընս Քարթինկ»-ի մրցում մը, մասնակցութեամբ` 10 խումբերու:
Այս մրցումը պիտի տեւէ 2 ժամ: Յաղթական պիտի հռչակուի այն խումբը, որուն ինքնաշարժը 2 ժամ պիտի մնայ վազքուղիին վրայ, նոյն անիւներով, ուր արագութիւնը կարեւոր չէ, այլ մրցումը կիսատ չձգելը հիմնական է:
Իւրաքանչիւր խումբ պիտի ունենայ չորս վարորդ, որոնք մաս պիտի կազմեն լիբանանեան ընկերութիւններու եւ դրամատուներու:
Յաղթական խումբը պիտի ստանայ Ապու Տապի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) երթուդարձի օդանաւային տոմս եւ հոն տեղի ունենալիք Ֆորմիւլա-1-ի կրան փրի-ն դիտելու տոմսակ:
Այս համաձայնագիրը կնքեցին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մարզական բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատու Իմատ Լահուտ, «Սփորթց Մանիա»-ի տնօրէն Թարեք Ապպուտ եւ մարզական լրագրող` Շաֆիք Սաատէ: