Վերջերս Իրլանտայի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի Քիքպոքսինկի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Լիբանանէն շարք մը մարզիկներ:
Անոնց կարգին էր նաեւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի աղջկանց պասքեթպոլի խումբին մաս կազմող Ճենիֆըր Նահմէ:
Ան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով, յաջողեցաւ տիրանալ 2 պրոնզ մետալի: