10 սեպտեմբերին Հերթա Պերլին – Վերտըր Պրեմըն մրցումը, որ կ՛իյնայ «Պունտըսլիկա»-ի 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պիտի ըլլայ պատմական ճակատում մը` նկատի ունենալով, որ Գերմանիոյ ախոյեանութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կին մը պիտի ըլլայ մրցումին կեդրոնի իրաւարարը:
«Տի Վելթ» կը տեղեկացնէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուեցաւ 38 տարեկան Պիպիանա Շթայնհաուս:
Նշենք սակայն, որ ան անցեալին Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին տարբեր մրցումներու կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար եղած է: