Հսկողութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, 1 հոկտեմբերին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» չորրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ Աքուաթլոն-2017-ը, որ կ՛ընդգրկէ լողարշաւ եւ վազք:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Քասլիք:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ հովանաւոր ընկերութիւնները պիտի ըլլան «Սարատար» դրամատունը եւ «Քոմըրշըլ» ապահովագրութեան ընկերութիւնը:
Այսօր կէսօրին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տրուելիք յատուկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պիտի հաղորդուին յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ: