Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Պաչքով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան, բաւարարուեցաւ պրոնզ մետալով:
64 քկ դասակարգին մէջ, Եւրոպայի ախոյեան Պաչքով կիսաւարտականին գծով իր կատարած ճակատումին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց քուպացի Էնտի Քրուզ Կոմեսէն: