Մերսետեսի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն նախորդ շաբաթավերջին ո՛չ միայն տիրացաւ Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեանութեան Մոնզայի կրան փրիին, այլ նաեւ յաջողեցաւ գերմանացի անուանի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի մրցանիշը կոտրել` նկատի ունենալով, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան 69-րդ անգամն ըլլալով փոլ-փոզիշընի մրցումներուն կրցաւ գրաւել առաջին դիրքը:
Նշենք, որ այս կրան փրին տեւեց աւելի քան 3,5 ժամ` նկատի ունենալով, որ մեկնարկը քանի մը անգամ յետաձգուեցաւ անձրեւուն պատճառով:
Ատկէ բացի Հեմիլթըն Իտալիոյ մէջ գրաւեց առաջին դիրքը եւ` 1 ժամ 15′ 32″ արդիւնք մը արձանագրելով ապահովեց 25 կէտ:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց ֆինլանտացի Վալթերի Պոթթաս (Մերսետես) (4″ ուշ), իսկ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ գերմանացի Սեպասթիան Վեթել (Ֆեռարի)` 36″ ուշացումով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Հեմիլթըն վարորդներու ընհանուր դասաւորման մէջ գերազանցեց Վեթելը` երեք կէտով: Ան ունի 238 կէտ, Վեթել 235, իսկ Պոթթաս` 197:



