Ասիոյ 2019-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, հիւրը պիտի ըլլայ Հարաւային Քորէայի:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 11:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, հաւանաբար ուղղակիօրէն պատկերասփռուի «Թելէ Լիպան»-էն եւ «Էն. Պի. Էն.»-էն:
Քիմ Սոնկի մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումը կրնայ հիւրընկալել 50 հազար հանդիսատես:
Լիբանանի կազմը դաշտ պիտի ներկայանայ ճերմակ մարզաշապիկով, մինչ Հարաւային Քորէա` կարմիր:
Օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Ուզպեքիստանէն:
Ներկայ դրութեամբ, Լիբանան կը գրաւէ առաջին դիրքը (2 մրցումէ` 6 կէտ), մինչ Հարաւային Քորէա, որ կատարած է մէկ մրցում, ունի մէկ կէտ:
Հոնկ Քոնկ 2 մրցումէն ունի մէկ կէտ, մինչ Մալեզիա մէկ մրցումէ` ոչ մէկ կէտ:
Նշենք, որ այս մրցումները կ՛իյնան զտումի Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ: