Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար երիտասարդական հաւաքականը, որ երէկ գիշեր Լոքոմոթիւ Մոսկուայի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Ռուսիոյ, արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2019-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Արթուր Ոսկանեանի գլխաւորած կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ճիպրալթարի, իր յաջորդ մրցումին` 5 սեպտեմբերին կը հիւրընկալէ Մակեդոնիան:
Երէկուան այս մրցումին հայրենի խումբը դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Հենրի Աւագեան, Յակոբ Յակոբեան, Արթուր Քարտաշեան, Հայկ Սարգսեան, Նարեկ Պետրոսեան, Յակոբ Յակոբեան (Յովհաննէս Յարութիւնեան, 67-րդ), Վահագն Հայրապետեան, Նարեկ Ասլանեան (Ռոպերթ Մինասեան, 78-րդ), Ալիք Առաքելեան, Հայկ Գալստեան եւ Վահան Բիչախչեան (Յովհաննէս Իլանկէօզեան, 60-րդ):