Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց տիտղոսակիրը հանդիսացաւ ամերիկացի Սլոան Սթիւընզ, որ 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց 15-րդ դասուած իր ազգակիցին` Մետիսըն Քիզի:
24 տարեկան Սթիւընզ, որ ծնած է Ֆլորիտայի մէջ, այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կրան շլեմի մրցաշարքի մը տիտղոսին կը տիրանայ:
Նշենք, որ ան այսպիսով Սերենա եւ Վինըս Ուիլիըմզ քոյրերէն ետք հանդիսացաւ առաջին ամերիկացին, որ կը տիրանայ «Եու. Էս. Օփըն»-ին` 1998-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով:
Սթիւընզ, որ ինը տարեկանէն սկսած է թենիս խաղալ, 2007-ին դարձաւ արհեստավարժ թենիսվումըն:
Ան «Տապըլիու. Թի. Էյ.»-ի իր առաջին տիտղոսին տիրացաւ 2015-ին, Ուաշինկթընի մէջ, «Սիթի օփըն»-ի մրցաշարքին: