
Ռուս Սերկէյ Քարժաքին չյաջողեցաւ պաշտպանել աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի յաղթողի կոչումը:
Արդարեւ, Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանին, Քարժաքինը դուրս ձգեց անոր ազգակիցը` Տանիլ Տուպրով:
Առաջին ճակատումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, մինչ երկրորդին յաղթանակ մը արձանագրեց 21 տարեկան Տուպրով` ճերմակ քարերով:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան Բ. հանգրուանին իրեն մրցակից ունի աղջկանց աշխարհի քառակի ախոյեան, չին Եու Եիֆանը: Անոնց միջեւ առաջին երկու մրցումները աւարտեցան հաւասարութեամբ: Յաղթականին անունը պիտի վճռուի թայ-պրէյքով:
Բաժակի այս մրցաշարքին Հայաստանէն կը մասնակցէին նաեւ Հրանդ Մելքումեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որոնք սակայն չկրցան շրջանցել Ա. հանգրուանի արգելքը:
Աշխարհի բաժակի մրցաշարքին յաղթականն ու աւարտականի միւս մասնակիցը իրաւունք կ՛ունենան 2018-ի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մղուող պայքարին մասնակցելու: