Սպանական «ԱՍ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ նախորդ շաբաթավերջին Լեւանթէի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին ընթացքին (1-1) վիրաւորուեցաւ, 4-էն 6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
«Լա լիկա»-ի գծով ան պիտի բացակայի Ռէալ Սոսիետատի, Ռէալ Պեթիսի, Էսփանիոլի եւ Ալաւեսի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն:
Ան դաշտ պիտի չկարենայ ներկայանալ նաեւ Ափոյել Նիկոսիայի եւ Պորուսիա Տորթմունտի դէմ կատարուելիք մրցումներուն («Չեմփիընզ լիկ»):